ՄԵԾԱՐԱՆՔ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻՆ
Սփիւռքահայ մեծանուն բանաստեղծ, մշակոյթի աննկուն գործիչ Ժագ Յակոբեանի ծննդեան դարադարձը ու իր բեղուն վաստակի 80-ամեակը հանդիսաւորապէս պիտի նշուի յառաջիկայ Հոկտեմբերի 30-ին, Կլենտէյլի, Գալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ, «Փրիսպիթերիըն» եկեղեցւոյ մէջ:
Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող Աչքի խնամքի հայկական ծրագրի (The Armenian EyeCare Project) 52-րդ առաքելութիւնը, որ վերջերս տեղի ունեցած է միամսեայ ժամանակամիջոցով, յաջողութեան նոր էջ մը աւելցուցած է մօտաւորապէս քսանհինգ տարի առաջ հիմնուած սոյն կազմակերպութեան պատմութեան մէջ։
Վրաստանի հայ համայնքի «Ճանաչի՛ր հայրենիքդ-2016» ամառնային չորրորդ ճամբարը՝ տասն օրուան ընթացքին՝ հնարաւորութիւն տուած է տեղւոյն համայնքի անդամներուն այցելելու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարեւորագոյն պատմամշակութային եւ բնութեան յուշարձանները:
Ղարաբաղեան հարցին շուրջ Մոսկուայի դիրքը կը մեկնաբանուի՝ որպէս ստուերային դիւանագիտութիւն:
Արմէն Մուրատեան տեսակցեցաւ Ժան Փիէռ Պէրպէրեանի հետ, որ այցելեց Երեւան:
«Այ.Էյ.Պի.»ի Վարչագիտական միջազգային ակադեմիոյ ամառնային դպրոց՝ պատանի առաջնորդներու համար» ծրագրի ծիրէն ներս Հայաստանի 12-16 տարեկան քսան աշակերտներ այցելած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր գրասենեակը:
Պուէնոս Այրէսի, Արժանթին, Ս. Գրիգոր հայկական եկեղեցին ներառուած է քաղաքի զբօսաշրջային շրջայցի պաշտօնական ծրագիրին մէջ:
Հայաստան եւ Ռուսաստան կը պատրաստուին համաձայնագիր կնքել՝ միացեալ զօրախումբի ստեղծման մասին: