Միջին Արեւելքի Մէջ Ջուրերու Պաշարները Նուազած
ՆԱՍԱ-ի կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ Միջերկրականի արեւելեան ափի Լիբանանը, Սուրիան, Յորդանանը, Թուրքիան, Կիպրոսն ու Պաղեստինը ներառող շրջանին մէջ, 1998 թուականէն ի վեր սկիզբ առած անձրեւներու քանակի նուազումը ինն տասնամեակներէ ի վեր ամենէն վատն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի մէջ դաւադիր հրասանդի մը պայթիւնին հետեւանքով, ծառայութեան պատնէշի վրայ նահատակուեցաւ Ռաֆֆի Պըչաքճեան։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներուն ժողովը:
Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը կը դժուարանայ յաղթահարել իր շարքերէն ներս պառակտումը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի համագործակցութեամբ՝ Յուլիսի 3-30 թուականներուն միջեւ Հայաստանի մէջ «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2016» ծրագրին ծիրէն ներս, տեղի պիտի ունենայ մայրենի լեզուի (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացքներ։
Աշխարհի ֆութպոլասէր հասարակութեան հայեացքները այսօր պիտի ուղղուին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզ, ուր տեղի պիտի ունենայ «Եուրօ-2016»ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյենութեան մրցաշարքին պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Ֆրանսա-Ռումանիա բացման մրցումը (Ա. խմբակ):
Պունտեսթակի որոշման դէմ փաստաբան Ռամազան Աքպաշ դիմեց Գերմանիոյ Սահմանադրական ատեանին:Նոյն նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է նաեւ ԵՄԻԱ-ին: