ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւններուն միջեւ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Էրտողան-Օպամա կարեւոր հեռախօսազրոյց։
Ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի այսօրուան ժողովին վրայ։ Պետական մարմիններէն ներս հարցաքննութիւնը կը ծաւալի լուրջ թափով։ Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ճամբարներէն միշտ կը հասնին ներդաշնակ պատգամներ։ Մեծ քաղաքներու գլխաւոր հրապարակներուն վրայ ժողովուրդը կը շարունակէ հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն ժողովրդավարութեան։
Քերի յայտնեց, որ Փութինի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են ղարաբաղեան հարցին:
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պէշթէփէի պալատէն ներս ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալներուն շարժումը կը շարունակէ բնորոշել հրատապ օրակարգը:
Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ, Յուլիսի 16-ին, կայացաւ քաղաքի փողոցներէն մէկուն անուանակոչման արարողութիւնը: Փողոցը կոչուեցաւ ջղային հիւանդութիւններու մասնագէտ, Վերոնայի համալսարանի առաջին վերատեսուչ Հրայր Թերզեանի անունով:
71 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ հայ բանաստեղծ, թարգմանիչ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Յովհաննէս:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հարցազրոյց մը տուաւ CNN International հեռուստակայանին։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալները բռնագրաւուած կը պահեն ոստիկանական գունդի բաժանմունքը: