ԾԱՆՐԱԲԵՌՆԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան կոմիտէին 40-րդ նստաշրջանը ընթացքի մէջ:
Կը նախատեսուի, որ Անիի աւերակներուն վերաբերեալ որոշումը ընդունուի այս շաբաթավերջին կայանալիք ժողովներուն:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան կոմիտէին 40-րդ նստաշրջանը ընթացքի մէջ:
Կը նախատեսուի, որ Անիի աւերակներուն վերաբերեալ որոշումը ընդունուի այս շաբաթավերջին կայանալիք ժողովներուն:
Հալէպի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին նահատակուած է սուրիական բանակի հալէպահայ զինուորական ծառայող Փանոս Աղազարեան, որ ծնած է 1994 թուականին։
Երէկ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրի 4-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Շուշիի մէջ, Սեպտեմբեր 1-ին, պիտի կայանայ «Սասունցի Դաւիթ» օփերայի անդրանիկ ներկայացումը, այնուհետեւ՝ Սեպտեմբեր 7-ին կամ 8-ին՝ Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ: «Սասունցի Դաւիթ» օփերայով պիտի բացուի թատրոնի 83-րդ թատերաշրջանը։
Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն ճարտարապետական հիմնարկներէն մէկը հանդիսացող «Սմիթկրուփ» հաստատութեան Լոս Անճելըսի կեդրոնէն Կլենտէյլի համայնքէն ներս գործօն անդամ Ալեք Զարիֆեան վերջերս ընտրուեցաւ Ամերիկայի Ճարտարապետներու հիմնարկի ճարտարապետներու համաժողովի անդամ՝ հանդիսանալով այս տարի Միացեալ Նահանգներու այդ հեղինակաւոր պատուին արժանացած 149 ճարտարապետներէն մէկը:
«Լեռնային Ղարաբաղի պարագային կարգավիճակը պիտի փոխուի՝ եթէ ճանաչում գտնէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը»:
Սերժ Սարգսեան ՆԱԹՕ-ի Վարշաւիոյ գագաթաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ հիմնախնդրի կարգաւորման առջեւ այսօր գլխաւոր խոչընդոտն է Ատրպէյճանի բարձր ղեկավարութեան վարած քաղաքականութիւնը եւ հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ուղղութեամբ կամքի բացակայութիւնը:
Էրտողան Մերքէլի նկատառման յանձնեց իր դառնութիւնը Պունտեսթակի որոշման շուրջ:
Գերմանիոյ վարչապետը առաւելագոյնը պիտի ընէ՝ որպէսզի չվնասուին Թուրքիոյ հետ կապերը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Քիեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։