ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակուեցաւ Արմէն Գէորգեան։ Երէկ, Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի վերնախաւին ներկայացուց Արմէն Գէորգեանը։
Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշման ցասումը կը շարունակուի. Հանրապեութեան նախագահը շատ խիստ ոճով արտայայտուեցաւ Գերմանիոյ հասցէին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան դէպի Թեհրան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ՝ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի հրաւէրին ընդառաջ։ Նալպանտեան երէկ ձեռնարկեց Թեհրանի իր ծրագրի գործադրութեան, իսկ այսօր կ՚աւարտէ իր շփումները։
Չինաստանի առաջին փոխ-վարչապետ Ճան Կաոլիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հիւր փոխ-վարչապետը երէկ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Փոխ-վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանի կողմէ։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասնաբար կը հակազդեն Գերմանիոյ խորհրդարանի նախաձեռնութեան դէմ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելութիւն մը տուաւ Տիարպաքըր:
Մխիթարեան միաբանութեան դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն համար կարգադրութիւն:
Պէյրութի «Հայկազեան» հայագիտական համալսարանէն ներս վերջերս գումարուեցաւ հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան ժողովը։ Միացեալ Նահանգներէն եւ Պէյրութէն համախմբուած ժողովականներու երկօրեայ աշխատանքին ընթացքին քննարկուեցան հաստատութեան ռազմավարական նախաձեռնութիւններն ու ապագայի վերաբերեալ ծրագրերը։