ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ
Վերջին օրերու իրերայաջորդ ահաբեկչական դէպքերը երէկ քննարկուեցան կառավարութեան ժողովին ընթացքին:
Փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչի բացատրութիւններով, Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ նախազգուշական միջոցները պիտի խստացուին՝ ահաբեկիչներու անցքը արգելափակելու համար: Նախարարաց խորհուրդի նիստէն վերջ օրակարգի վրայ եկան նաեւ Սուրուչի դէպքին վերաբերեալ ուշագրաւ ու նոր մանրամասնութիւններ: