ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ՝ 29-Ը
Անգարայի ահաբեկչական ահաւոր պայթումին արձագանգները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել հանրային կարծիքը։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ դէպքի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 29-ի։
Անգարայի ահաբեկչական ահաւոր պայթումին արձագանգները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել հանրային կարծիքը։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ դէպքի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 29-ի։
Իրան-Ատրպէյճան փոխյարաբերութիւններու ապագային շուրջ սպասումներու եւ քննարկումներու ուշագրաւ հանգրուան մը:
Իլհամ Ալիեւի դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութիւնը կը սկսի տարածքաշրջանի նոր իրադրութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ: Պաքուի ղեկավարութիւնը ներկայիս կը ջանայ հաւասարակշռութիւն գտնել միջազգային գերակայ դերակատարներու առկայ հակադիր դիրքորոշումներուն միջեւ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Նիւ Եորք։
Գերմանիոյ խորհրդարանը այս Հինգշաբթի պիտի քննարկէ հայկական հարցը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պունտեստակի պաշտօնական կայքէջին վրայ նշուած է, թէ յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին։
Ոչ եւս է ժամանակակից իրականութեան ամենալուսաւոր դէոմքերէն մին՝ պատմաբան, աղբիւրագէտ Պետրոս Յովհաննիսեան:
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին ստեղծուեցաւ նոր կուսակցութիւն մը, որ կը կոչուի՝ «Հայկական վերածնունդ»։ Կուսակցութեան բուն անունն է «Հայկական վերածունդ միաւորում», որու հիմնադիր համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հինգերորդ հանդիպումը:
Անգարա, Թիֆլիզ եւ Պաքու զարկ կու տան տարածքաշրջանային համագործակցութեան զարգացման:
Թուրքիա կը շարունակէ սաստիկ ու բազմակողմանի պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Շաբաթավերջին, դժբախտաբար, երկիրը ցնցուեցաւ նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրերով՝ հերթական անգամ ապրելով խոր յուզում։
Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ շաբաթավերջին կարեւոր իրադարձութիւններ ապրուեցան միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով կապի մէջ էին անընդհատ։
Լոս Անճելըսի մէջ Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) կողմէ կազմակերպուած նուիրահաւաքման արշաւի արդիւնքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 1.2 միլիոն ամերիկեան տոլար։