Լրահոս
ԼՈՒՐՋ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Փոխ-վարչապետը Տոլմապահչէի մէջ երէկ առաւօտ նախաճաշի սեղան մը սարքեց ի պատիւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ քննարկեց բազմաբնոյթ խնդիրներ:
Եալչըն Աքտողանի հետ կազմակերպուած տեսակցութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն ընդգծուեցաւ առկախեալ ընտրութիւններուն հարցը: Թրքահայ գործիչները ընդհանրապէս դրական տպաւորութիւններ ունեցան այս հանդիպումէն:
ԽՏԱՑԵԱԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Պրիւքսէլի մէջ Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն կարեւոր գագաթաժողովը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յետմիջօրէին տեսակցեցաւ Տանըլտ Թուսքի հետ:
«ՆՈՒԻՐԷ ԿԵԱՆՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԾՐԱԳԻՐ
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ բարեգործական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ խորագրուած էր «Իմ արեւը դարձիր»։
ԵՐԵՒԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ
Բրիտանական The Telegraph պարբերականը ուշագրաւ լուսանկարներու շարքով անդրադարձած է Եւրոպայի ամենահին տասնվեց քաղաքներուն՝ իր ընթերցողներուն առաջարկելով կեանքի ընթացքին գոնէ անգամ մը այցելել զանոնք։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆՍԱՄՊԼԸ ԱՊՐԻԼԻ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը եւ նոյն միութեան հովանիին ներքեւ գործող «Մարալ» համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքանը։
ԱԹԷՆՔ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱ
Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Չանքայայի ապարանքին մէջ հիւրընկալեց Տանըլտ Թուսքը:
Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի հետ միշտ կը քննարկէ գաղթականաց ճգնաժամը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՎԱՂԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վաղը պիտի այցելէ Թեհրան։ Իրանի Նաւթի փոխ-նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Մուկատամ յայտարարեց, որ Տավուօղլուի այցելութեան ծրագիրը նախատեսուած է երկու օրուան ձեւաչափով։
«ԱԶԳ» ԹԵՐԹԻ 25-ԱՄԵԱԿԸ
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս յոբելենական փայլուն հանդիսութիւն:
Յակոբ Աւետիքեան պարգեւատրուեցաւ «Յակոբ Մեղապարտ» մետայլով Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ ուշագրաւ որոշում:
Հալէպի բնակիչներուն ընթացիկ կեանքը կը շարունակուի կենցաղային դժուարութիւններով: Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը սկսած են բռնել Գանատայի ճամբան:
