ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՄԱԿԱՐԳ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդէս եկաւ տնօրինութիւնով մը՝ որպէսզի իր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուի Կովկասի հաւաքական անվտանգութեան տարածքաշրջանէն ներս հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ տարածքաշրջանային համակարգ մը ստեղծուի։ Ռուս ղեկավարին այս կարգադրութիւնը այսօր պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ Մոսկուայի համապատասխան լծակներուն կողմէ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Սէրկէյ Լաւրովի խօսքերով, Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա բացարձակապէս դէմ են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը այլ հարթակներ տեղափոխելու փորձերուն, ինչ որ միայն կը վնասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Երկու ղեկավարները Ուաշինկթընի մէջ առաջնահերթօրէն քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի հաշտութեան գործընթացը, Սուրիոյ եւ Իրանի վերաբերեալ նիւթեր։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 77-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ նշուեցաւ երկրի Ռազմական հետախուզութեան համակարգի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութեան մասնակցեցան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եուրի Խաչատուրով եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
«Եւրօ-2016»ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյենութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տոմսակներուն գիները յայտնի դարձան:
«Ատրպէյճան սեփական պատմութեան փերաշարադրումը կը շարւնակէ այլոց մշակութային ժառանգութեան բռնի իւրացմամբ»:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութիւնը կը շարունակէ մշտապէս զբաղեցնել օրակարգը։ Ծանօթ է, որ վերջերս նոր հարցաքննութիւն մը իրականացուած է՝ պարզելու համար այս մահափորձին շրջագծով հանրային պաշտօնեաներու դերակատարութիւնը։