ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ՆԱԵՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ամսավերջին պիտի իրականացնեն այցելութիւն մը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Երեւանի եւ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաստատած են միջնորդներու այս ուղեւորութեան ժամանակացոյցը։

Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին կ՚ապրուին անակնկալ երեւոյթներ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Սպանիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մատրիտի մէջ ան կը մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) տարեկան համագումարին եւ ընդլայնուած գագաթաժողովին։
