ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՂԻ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ ՊԻՏԻ ԹԵԼԱԴՐԷ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող օրերուն արաբական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներ կարեւոր մանրամասնութիւններ կը փոխանցեն Ռուսաստանի Սուրիոյ մէջ սկսած զինուորական միջամտութեան ընդհանուր գործընթացին մասին: Անոնք կը հաղորդեն, որ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատմիր Փութին անցնող Յուլիսէն սկսեալ մէկէ աւելի անգամներ ընթացող զարգացումներուն եւ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն ունեցած ծանր կորուստներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք վճռած է մտնել պատերազմական դաշտ:

Միջազգային գետնի վրայ խտացեալ ջանքեր Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով:
«Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ վերատեսուչ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունով պարգեւատրեց Նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Թուրքիա-Սուրիա սահմանի մերձակայքին զոհուեցաւ հայ պատանի մը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ սահմանամերձ Գամըշլը քաղաքէն դէպի Թուրքիա ճանապարհին վրայ զոհուեցաւ 14-ամեայ Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան։
Ատրպէյճան, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ թշնամի հռչակած է աշխարհի բոլոր հայերը, զանազան առիթներով իր թիրախը կը դարձնէ հայոց սփիւռքէն կարկառուն, յառաջատար դէմքեր։ Նման վիճակ մը այս շրջանին ստեղծուած է զուիցերահայ յայտնի գործիչ, նշանաւոր գործարար ու դիւանագէտ Վարդան Սրմաքէշի պարագային։
Թուրքիա երէկ կորսնցուց իր մտաւորական աշխարհի եզակի դէմքերէն մին։ Ոչ եւս է Չեթին Ալթան, որ 88 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին։ Չեթին Ալթան մահացաւ միջոցէ մը ի վեր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ եւ իր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ արդէն այսօր կէսօրուան ժամերուն Թէշվիքիէի մզկիթին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Մատրիտի մէջ երէկ մասնակցեցաւ ԵԺԿ-ի համագումարին: