ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԻ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Աթէնքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ Աթէնքի մէջ կը գտնուի միջազգային համագումարի մը մասնակցելու նպատակով, հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Յունաստանի պետական աւագանիին հետ։
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Պետական այցելութեան շրջագծով Նախագահ Մարկվելաշվիլի եւ Առաջին տիկին Մակի Չիչուա ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երուսաղէմի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը երէկ հիւրընկալեցին Գերմանիոյ շանսէօլիէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եւրոպական միութեան երկիրներուն ղեկավարները գագաթաժողով մը գումարեցին Պելժիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրիւքսէլի մէջ: Յառաջատար անուններ յայտնեցին, թէ Թուրքիոյ հետ վիզաներու վերացման գործընթացը պիտի արագացուի եւ նոր գլուխներ պիտի բացուին բանակցութիւններուն մէջ: