ՄՈՍԿՈՒԱ ՆՈՐ ԳԵՏԻՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող 48 ժամերուն լրատուական ծառայութիւններու գլխաւոր հետաքրքրութիւնը Հալէպի շուրջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններն են: Սուրիոյ մէջ գրեթէ երկու շաբաթէ ի վեր սկիզբ առած ռուսական միջամտութիւնը սկսած է շատ արագ արդիւնքներու հասնիլ:
Եւրոպական միութեան երկիրներուն ղեկավարները գագաթաժողով մը գումարեցին Պելժիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրիւքսէլի մէջ: Յառաջատար անուններ յայտնեցին, թէ Թուրքիոյ հետ վիզաներու վերացման գործընթացը պիտի արագացուի եւ նոր գլուխներ պիտի բացուին բանակցութիւններուն մէջ:
Դասական երաժշտութեան «Վերադարձի փառատօն»ը, որ պիտի կայանայ ութերորդ անգամ, լեցուն պիտի ըլլայ առաջին անգամ ներկայացող ստեղծագործութիւններով։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ «Հայոց ցեղասպանութիւն-100. ճանաչումէն հատուցում» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը։