ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ
Պելժիոյ Վարչապետ Շարլ Միշէլ իր երկրի խորհրդարանին մէջ 1915-ին վերաբերեալ քննարկումներուն ընթացքին յայտարարած էր, թէ կատարուածը ցեղասպանութիւն մըն է։ Ինչպէս այլ պարագաներուն, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը չուշացուց իր յայտարարութիւնը՝ շարունակելով իր ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը։
Ահմէտ Սեւէրի վերջին օրերու ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն եկաւ աւելնալ նաեւ Հայաստանի նիւթը:
Դառն կսկիծով վերահասու դարձանք, թէ երէկ իրիկուն Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Արփիկ Միսաքեան։ Հայ Սփիւռքի խորհրդանշական կերպարներէն մէկն էր Արփիկ Միսաքեան, որ տասնամեակներ շարունակ անխոնջ աշխատաւոր մը որպէս հրատարակած էր իր հօր՝ Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ իրեն ժառանգուած «Յառաջ» օրաթերթը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւոր քարտուղարի յատուկ խորհրդական, Երեւանի մէջ կայանալիք ֆրանսախօսութեան արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովի կայացման նախապատրաստական յանձնաժողովի նախագահ դեսպան Ժաք Պիլոտոյի գլխաւորութեամբ։