ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լաչինի միջանցքէն մինչեւ Ուքրայնայի պատերազմ. Հայաստան կը հաշուարկէ հաւանականութիւններ:
Մոսկուա դիրքերը վերականգնելու պարագային կրնայ շարժման անցնիլՀարաւային Կովկասէ ներս վերահաստատուելու համար եւ Վարդանեանը կը դարձնէ գործօն՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Երեւանի մէջ իր քաղաքական գիծը յառաջ տանելու առաջադրութեամբ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ամփոփ յայտարարութիւններ ըրաւ Լաչինի միջանցքի փակման մասին։ Ըստ իրեն, այս վերջին իրադարձութիւնները, անկասկած, Հայաստանի տեսակէտէ անկեղծութեան ստուգման փորձաքար պիտի ըլլան։
Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «France24» հեռուստակայանին։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարումով, Լաչինի միջանցքի փակ վիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ռուբէն Վարդանեան Ստեփանակերտէն տեսակապով միացաւ այս հեղինակաւոր հեռուստակայանի ուղիղ եթերին։
Պաշարուած Արցախի մէջ սահմանափակումներ հաստատուեցան սնունդի մատակարարման համար:
Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին երէկ երեկոյեան Ամանորի առթիւ հիւրընկալեց փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլին Իսթանպուլի այն գաւառակներէն մին է, ուր առաւել չափով խտացած են ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։
«Տարածաշրջանի երկիրները խնդիրները պէտք է լուծեն իրենց նախաձեռնութեամբ»:
Թուրքիա-Ռուսաստան-Սուրիա առանցքին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր շփում մը։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի ժամանակաշրջանին ընդհատուած Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւնները այս շրջանին աստիճանաբար կը վերակենդանանան՝ մասնաւորապէս Մոսկուայի դրական ներգործութիւնով։
Արցախի պաշարուած պայմաններով՝ Փաշինեան, Փութին եւ Ալիեւ զրուցած են Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը սկսած է նշել Սուրբ Ծնունդը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Անգարայի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Իրիթ Լիլիանը, որ իրեն յանձնեց իր հաւատարմագիրը։