ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԱԶ
Արցախը կը շարունակէ շրջափակման մէջ մնալ։ Լաչինի միջանցքը փակ է, Լեռնային Ղարաբաղը կտրուած Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Մեկուսացած, կղզիացած Արցախը կը ջանայ վերապրիլ՝ մինչ Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան տեղեկացուց, որ վաղը Ստեփանակերտի մէջ հանրահաւաք մը տեղի պիտի ունենայ։
Թուրքիա-Ռուսաստան-Սուրիա առանցքին վրայ նոր քաղաքական իրավիճակ մը կրնայ ստեղծուիլ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ դատապարտելով Լաչինի միջանցքին փակումը։ Այսպէս, ՀԲԸՄ ահազանգ հնչեցուց Ատրպէյճանի՝ Արցախը խեղդամահ ընելու ուղղեալ յանցագործ քաղաքականութեան դէմ։
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջեւ տեսակցութիւն:
Թուրքիա-Ատրպէյճան-Թիւրքմենիստան առանցքին վրայ ուժանիւթի հեռահար նախաձեռնութիւն մը:
Իսթանպուլի կուսակալը երէկ երեկոյեան Չըրաղանի պալատին մէջ մօտալուտ Ամանորի առթիւ ընթրիք մը սարքեց ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդներուն, նաեւ դիւանագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներու համար, որոնց յղեց շնորհաւորութիւններ:
Արցախը կը շարունակէ մնալ շրջափակուած։ Ատրպէյճան փակած է Լաչինի միջանցքը, որ յետպատերազմեան շրջանին Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր։ Այսպէսով վաղ 90-ականներու ծանր կացութիւնը վերստին վերականգնուած է Արցախի տեսակէտէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը նոր հարթութիւն մը թեւակոխեց։ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Ատրպէյճան փակեց Լաչինի միջանցքը եւ այսպէսով խզուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի կապը։