ՌԱՄԻԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԶՕՐԱՆՈՑԸ՝ 9 ՏԱՐՈՒԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ՎԵՐՋ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՄԸ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ
Ռամիի պատմական զօրանոցը արդէն ընդարձակ գրադարանի մը վերածուած է՝ ինն տարուան վերանորոգութենէ մը վերջ։ Օսմանեան շրջանի այս հսկայական զօրանոցը այժմ վերածուած է Թուրքիոյ մեծագոյն գրադարանին։
Արդէն ամիսէ մը աւելի պաշարուած Լեռնային Ղարաբաղէն միշտ կը հասնին հրատապ լուրեր, որոնք կը ցոլացնեն մարդասիրական ծանր տագնապի հասած համեմատութիւնները։ Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ յայտարարեց, որ ուժանիւթի մատակարարման հարցով բարդ իրավիճակ մը ստեղծուած է։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ անցեալ տարեվերջին թողարկուած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17-գրապատում» առցանց նոր գիրքը։ 65 տարիներու վրայ տարածուած՝ հեղինակին կողմէ ստորագրուած յօդուածներու ժողովածոն է այս մէկը, որ կեդրոնացած է գիրքերու վրայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ այցելեց Երեւան, ուր այսօր շփումներ կ՚ունենայ Եայէլ Պրաուն-Փիվէ:
Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շրջափակեալ Արցախը երէկուան դրութեամբ զրկուեցաւ նաեւ համացանցային կապէ, ինչ որ կը խորացնէ անոր մտահոգիչ մեկուսացումը։ Ատրպէյճան խզած է Հայաստանէն դէպի Արցախ հաղորդակցութեան լարերը՝ խաթարելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաղորդակցութեան եւ ճշդուած համացանցի հասանելիութիւնը։
Երեւանի մէջ անցեալ տարեվերջին հրատարակուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Մատենագիրք Հայոց» ԻԲ. հատորը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հրատարակութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Պօղոս Չալկըճըօղլու երէկ երեկոյեան հետաքրքրական ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պէյօղլուի AKSANAT-ին մէջ:
Կարմիր խաչի ջանքերով Արցախէն երեք հիւանդ Հայաստան փոխադրուեցաւ՝ Լաչինի միջանցքով: