ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի կառավարութեան կառուցուածքին մէջ այս շրջանին տեղի կ՚ունենայ վերաձեւաւորում մը։ Այսպէս, կը վերահաստատուի Ներքին գործոց նախարարութիւնը։ Երկար ժամանակէ ի վեր այսպիսի նախարարութիւն մը գոյութիւն չունէր եւ երկրէն ներս կար միայն Ոստիկանութիւն։
Արցախը արդէն շուրջ ամիսէ մը ի վեր պաշարման մէջ է։ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին ու աշխարհին հետ կապող Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ։ Ատրպէյճան շուրջ ամիսէ մը ի վեր շրջափակման մէջ կը պահէ Արցախը, ուր մարդասիրական իրավիճակը հետզհետէ աւելի հրատապ բնոյթ կը ստանայ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը պատուեց՝ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած հոգեւոր համերգը:
Պաշտօնաթերթին մէջ երէկ լոյս տեսաւ Սահմանադրական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռ մը, որ կը վերաբերի թրքահայ համայնքին մասին սեփականութեան իրաւունքի հարցերուն։ Բարձրագոյն դատարանի ընդհանուր խորհուրդը քննարկած է Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի երկու կալուածներուն վերաբերեալ արձակուած վճիռներ եւ յանգած է այն եզրակացութեան, որ սեփականութեան իրաւունքի խախտումներ պատահած են։
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս երէկ հասած լուրերը եկան սահմանել նոր փուլ մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կը սկսին օդային ուղիղ բեռնափոխադրումները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
AYLİN KOÇUNYAN
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց Արցախի առկայ պաշարման դէմ։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ երէկուան դրութեամբ Լաչինի միջանցքը արդէն 23 օրէ ի վեր փակ կը գտնուի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինը երէկ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Ժողովի ընթացքին արժեւորուեցան երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։