Լրահոս

ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի ընկերատնտեսական առկայ դժուարութիւնները, դժբախտաբար, տագնապեցուցած են նաեւ տեղւոյն հայութեան կեանքը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ջանայ աջակցիլ իր հօտին՝ զանազան կարիքներու դիմագրաւման ճանապարհին։

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածին վրայ ատրպէյճանական անցակէտեր եւ մաքսակէտեր հաստատելու որոշումի հաղորդումը պաշտօնապէս կը նախանշէ արդէն նոր գործընթացի մը արագացման միտումները: Ըստ էութեան, սահմանազատումը գործնապէս կատարման ընթացքի մէջ է:

ԷՐՏՈՂԱՆ ԱԼԻԵՒԻՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

Երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքական խորհուրդի 8-րդ գագաթաժողովը։ Հաւաքի տանտէրն էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ այս առթիւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յանձնեց թրքական աշխարհի շքանշանը։

ՈՒԺԸ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԻ ԲԵՐԵՐ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ուժով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի առցանց նիստին ժամանակ։

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՄԱԼՔԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախընթաց օր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալքիի հետ։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ժողովներուն մասնակցելու համար։

ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ՇՐՋԱՆ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ վեղարաւորներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այսօր ուշ գիշերին կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ան թեզի մը պատրաստութիւններուն մէջ է եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւններու, գիտական աշխատանքի համար կը ձեռնարկէ այս ուղեւորութեան։

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՎԵՐՋԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը՝ Փարիզի վերջին օրերու շփումներու լոյսին տակ։ Եռանախագահները՝ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովաեւ (Ռուսաստան) եւ Պորիս Ռոքֆէյ (Ֆրանսա) վերջին օրերուն Փարիզի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Էջեր