ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ
Փութին-Մաքրոն երէկուան գագաթաժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ այս երկու երկիրներու ղեկավարները Մոսկուայի մէջ քննարկեցին հիմնախնդրի կարգաւորումը ու վերահաստատեցին համանախագահներու գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ ներառեալ ընթացիկ մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական խնդիրներու լուծման առումով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգը վերջերս արձագանգ գտաւ նաեւ Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանի եթերին վրայ:
ՀԲԸՄ կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հայկական երանգ կու տայ STEAM նոր կրթական դրութեան:
Օփերայի երգիչ Ատամ Պարրօ նորովի մեկնաբանած է Ազնաւուրի եւ Կառվարենցի «Յաւերժական սէր» երգը։ Այսպէս, ֆրանսաբնակ հայազգի օփերայի երգիչ Ատամ Պարրօ (Մուրատ Ամիրխանեան) իւրովի մեկնաբանած է աշխարհահռչակ «Յաւերժական սէր» երգը:
Փաշինեան-Մաքրոն-Միշել-Ալիեւ տեսաժողով՝ անցեալ տարեվերջի հանդիպումներուն ի շարունակութիւն:
Փեքինի մէջ երէկ սկսան 24-րդ Ձմրան ողիմպիականները։ Առաջին անգամ այս խաղերուն ժամանակ արհեստական ձիւնածածկոյթ կ՚օգտագործուի։ Նկատի ունենալով արեւմտեան երկիրներու եւ Չինաստանի միջեւ առկայ ընդհանուր լարուածութիւնը՝ այս մրցաշարքի ժամանակ կարելի չէ եղած հարիւր տոկոս ստեղծել ակնկալւած մթնոլորտը։
Հայաստանի Սահմանադրութեան բարեփոխումներու խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան հրապարակեց հերթական զեկոյցը, որ կը ցոլացնէ, թէ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ինչ վիճակի մէջ է Ատրպէյճանի հայատեացութեան ու թշնամանքի քաղաքականութիւնը։ Անգլերէնով պատրաստուած զեկոյց մըն է այս մէկը, որ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած է Արման Թաթոյեանի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց հայկական երաժշտական աշխարհի արդի հսկաներէն մաէսթրօ Լորիս Ճգնաւորեանը։ Երգահան ու խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանի հետ զրուցելու ժամանակ Փաշինեան անգնահատելի համարեց անոր ներդրած աւանդը երաժշտական արուեստին մէջ։
Ռուսաստան եւ Չինաստան երէկ տեղեկացուցին, որ դէմ են ՆԱԹՕ-ի ապագայ ընդլայնման եւ դաշինքին կոչ ուղղեցին, որպէսզի հրաժարի պաղ պատերազմի մօտեցումներէն։ Մոսկուա եւ Փեքին ներկայիս կը նախատեսեն աշխուժացնել իրենց համագործակցութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս։