ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ուաշինկթընի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Էօզպեքիստանի, Ղազախիստանի եւ Իսրայէլի դեսպաններուն հանդիպումը։ Այս հաւաքոյթի հիւրընկալն էր Ատրպէյճանի դեսպան Խազար Իպրահիմ, որ ընդունեց նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Մերճանը։
«Fly One Armenia»ի վարչական խորհուրդի տնօրէնին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ առաւօտ Պատրիարքարան այցելելէ վերջ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ, իսկ յետմիջօրէին մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան երդիքին տակ: Օրուայ աւարտին Ճիհանկիրի «Ճաշ» նշանաւոր ճաշարանի սեփականատէր Տայք Միրիճանեան ընթրիքի սեղանով մը պատուեց հիւրերը, որոնք հրաժեշտ կ՚առնեն այսօր երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած վերադարձի թռիչքով:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի՝ մինչ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնները երէկ պաշտօնապէս հրապարակեցին յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպման վերջնական մանրամասնութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Քիեւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ։ Էրտողանի այցը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ուքրայնայի տագնապին ընթացքը կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը եւ համաշխարհային յառաջատար դերակատարները սաստիկ ճնշում կը բանեցնեն Ռուսաստանի վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը Սուրիոյ հիւսիսի Իտլիպ քաղաքին մէջ կազմակերպած է յատուկ գործողութիւն մը, որու ընթացքին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման պարագլուխ Էպու Իպրահիմ էլ Հաշիմի էլ Քուրէյշի սպաննուած է։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը երէկ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ներկայացուց այս տարուայ «Զարմանազան» ծրագրին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Այսպէս, 2022 տարեշրջանի «Զարմանազան»ին համար արձանագրութիւնները արդէն սկսած են։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Fly One Armenia» օդային ընկերութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեանն ու իր ընկերակիցները։ Հարկ է նշել, որ ան Երեւան-Իսթանպուլ երէկուան առաջին թռիչքով ժամանած է քաղաքս, ուր կ՚ունենայ կարճ կեցութիւն մը՝ մինչեւ վաղը երեկոյեան, մինչեւ յաջորդ թռիչքը։
Միրզոյեան. «Հայաստան կրնայ մասնակցիլ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, խնդիր չեմ տեսներ»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Օրուայ տեւողութեան Միրզոյեան եւ Շալենպերկ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։