Լրահոս

«ՍՊԻՏԱԿ ՄՕՐՈՒՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒ» ՆԻՍՏ

Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան աւագներու խորհուրդի 12-րդ ժողովը՝ Իսթանպուլի մէջ:
«Հիմնական նպատակներու շարքին են անդամ երկիրներու միջեւ համարկումը, ներդաշնակութիւնը թէ՛ առեւտուրի ու փոխադրութեան եւ թէ հաղորդակցութեան զարգացումը՝ ըստ ղեկավարներու կողմէ որդեգրուած ուղղութեան»:

ԱԼԻԵՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՊԱՅՐԱՔԹԱՐ» ՀՈԼՏԻՆԿԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հիւրընկալեց «Պայրաքթար» հոլտինկի ընդհանուր տնօրէն Հալուք Պայրաքթարն ու թեքնոլոժիի գծով ղեկավար Սելչուք Պայրաքթարը, որոնք այցելեցին Պաքու։ Ծանօթ է, որ Սելչուք Պայրաքթար Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի փեսան է։

ԱՆԴՈՒՆԴԻ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ

Պէյրութի «Զարթօնք»ը եւս արձագանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հնչեցուցած ահազանգին. «Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայկական ամենահին օրաթերթը յայտնուեցաւ փակուղիի մէջ»:
Արա Գօչունեան. «Մենք չենք ըսեր, որ մեր թերթը պէտք է գոյատեւէ յանուն իր անցեալին, մենք կ՚ըսենք, որ ան պէտք է գոյատեւէ յանուն ապագայի։ Այս լրատուամիջոցը համայն աշխարհի համար սկզբնաղբիւրի դեր ունի՝ գտնուելով Պոլսոյ մէջ, ամբողջ արեւմտահայ ժառանգութեան զարկերակին վրայ եւ համարուելով այդ զարկերակի կենսունակութեան խորհրդանշաններէն մէկը»:

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ-ՊԼԻՆՔԸՆ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երկու նախարարները ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

ՄԱՔՐՈՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ԵՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մինչ Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը, երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն աւարտեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ։

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Ուքրայնայի տագնապի սաստկացման պայմաններուն ներքեւ Փութին եւ Մաքրոն բանակցութիւններ վարեցին Քրեմլինի պալատէն ներս:
Փարիզ մէկ կողմէ անմիջական կապի մէջ է Մոսկուայի հետ, իսկ միւս կողմէ իր դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները սերտօրէն կը համակարգէ թէ՛ Քիեւի եւ թէ Արեւմուտքի յառաջատարներուն՝ մանաւանդ Ուաշինկթընի հետ. «Երկխօսութիւնը կրնայ ապահովել Եւրոպայի անվտանգութիւնը»:

ԴԷՊԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ԹՌԻՉՔՆԵՐՆ ՈՒ ԻՆՔՆԱՆՊԱՏԱԿ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Վերջերս մեծ աղմուկով ընթացք առին «FlyOne Armenia» կոչուող օդանաւային ընկերութեան Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ (չարթըր) չուերթները:
Անկախ մեր սկզբունքային հակաթուրք կեցուածքէն ու վերապահութիւններէն, այն ինչ կը վերաբերի, Թուրքիոյ արտադրութիւններուն եւ զբօսաշրջութեան քաջալերանքին, վերոյիշեալ չուերթներուն դէմ ընթացք առած քարոզչութիւնը ու զայն հակակշռել փորձող յայտարարութիւնները երեւոյթ սկսան դառնալ:

ՆԱԹՕ-Ի ԿՈՂՄԷ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին, ըստ էութեան, օրակարգի վրայ եկան Ուքրայնայի տագնապին վերաբերեալ հանգամանքները, Ռուսաստանի զօրքերու կուտակումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։

Էջեր