ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերու գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։
Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմանի աշխատանքային խումբի հերթական նիստը։ Փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ ստեղծուած է այս աշխատանքային խումբը, Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ տարածքաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդիրները քննարկելու նպատակով։
Անգարա եւ Թեհրան վերահաստատեցին՝ ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարելու ուղղեալ կամքը:
Հայաստանի նախկին ներքին գործոց նախարարներէն, «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամներէն յայտնի պետական-քաղաքական գործիչ եւ մտաւորական Վանօ Սիրադեղեանի մահուան արձագանգները կը շարունակուին։ Վանօ Սիրադեղեան երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային հետախուզման մէջ կը գտնուէր՝ 1998 թուականի իշխանափոխութենէն վերջ իրեն դէմ յարուցուած քրէական գործերուն բերումով։
ՄԱԿ-ի Բնապահպանութեան ծրագիրը (UNEP) հրապարակեց տեղեկագիր մը։ Այսպէս, հերթական անգամ համաշխարհային հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ կու գան տուեալներ, որոնք շրջակայ միջավայրի ապագային տեսակէտէ խոր մտահոգութեան պատճառ կը դառնան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Քարէն Տոնֆրիտ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վիրահատներ աշխարհի վրայ առաջին անգամ անասունի մը գործարաններէն մին յաջողութեամբ փոխադրեցին մարդու մը մարմնին։ Բժշկական մարզի մէջ յեղափոխութեան համազօր իրադարձութիւն մըն է այս մէկը, որու շնորհիւ հարիւր հազարաւոր կեանքեր կրնան փրկուիլ։
Երէկ, «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս սկսաւ «Mamut Art Project 2021»ը։ Մինչեւ ամսավերջ պիտի շարունակուի այս նախաձեռնութիւնը, որ 9-րդ անգամ կազմակերպուած է։
Նախկին արտաքին գործոց նախարարը զգուշացումներ կ՚ընէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու վերսկսելուն ընդառաջ:
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ եռակողմանի բանակցութիւնները այսօրուընէ սկսեալ կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ։ Հերթական բանակցութիւնները նախատեսուած են երկօրեայ։