Լրահոս

«ԱՒՐՈՐԱ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ «ԹՈՒԱՅԻՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ» ԾՐԱԳՐԻՆ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը տեղեկացուց, որ 10 հազար ամերիկեան տոլար դրամաշնորհ յատկացուցած է Երեւանի Մատենադարանին՝ «Թուային Մատենադարան» ծրագրի շրջանակներէն ներս։

ՄՈՎՍԻՍԵԱՆԷՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղերէն Եուրա Մովսիսեան աւարտեց իր քարիէրը։ Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին յարձակողներէն Եուրա Մովսիսեան, որ վերջին շրջանին որոշ վնասուածքներէ կը տառապէր, որոշեց այլեւս լքել ֆութպոլը։

ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓԵՐ

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն հանդիպումը՝ Մոսկուայի մէջ:
Ստեղծուեցան մասնագիտական զանազան խումբեր, որոնց առաջին ժողովները տեղի պիտի ունենան մինչեւ շաբաթավերջ:

ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԵԶԱԿԻ ԴԵՐ ՄԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ԿՈՎԿԱՍԻ ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ շաբաթավերջին աւարտեց իր ձեռնարկած շուրջ միշաբաթեայ մեծ շրջագայութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին շփումներ ունեցաւ Նախիջեւանի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Զարիֆի իրականացուցած ուղեւորութեան նպատակն էր համագործակցութեան նոր ձեւաչափերու հիմքեր դնել Կովկասէ ներս։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ. «ԿՈՄԻՏԱՍԷ ԿՈՄԻՏԱՍ»

Երեւանի Կոմիտասի թանգարանի երդիքին տակ բացուած է յայտնի նկարիչ Արա Յարութիւնեանի գործերու ցուցահանդէսը։ «Կոմիտասէն Կոմիտաս» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ քանդակագործ-նկարիչ Արա Յարութիւնեանի Մեծ Վարդապետին նուիրուած ստեղծագործութիւնները։

ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Մոսկուայի մէջ փոխ-վարչապետներու ժամադրութիւն: Այսօր Աղտամէ ներս պաշտօնապէս գործել կը սկսի Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ զինուորական կեդրոնը, որ նախատեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի դիտարկման համար:
Զարիֆ Իսթանպուլի երէկուան շփումներով աւարտեց տարածքաշրջանային մեծ շրջագայութիւնը: Ըստ վերլուծաբաններու, Կովկասի նոր իրավիճակով Թեհրանին տեսակէտէ յատուկ դերակատարութեան մը ազդանշանները առայժմ չկան, սակայն անոր քաղաքականութիւնը կը հակի դէպի Պաքու:

ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի նորընտիր ղեկավարութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Կէօքհան Եիւքսէլ եւ իր ընկերները բարձր կը գնահատեն միասնականութեան մթնոլորտի շարունակութիւնը՝ միշտ փոխադարձ բարի կամեցողութեամբ:

ՅԱՐԱՏԵՒ ԲՈՂՈՔ ԵՒ ՊՈՌԹԿՈՒՄ

Հայաստանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, յարատեւ բողոքի եւ պոռթկումի բազմաբնոյթ դրսեւորումները կը շարունակուին։ Մասնաւորապէս Երեւանի կեդրոնին միշտ հանրութեան հակազդեցութիւնը շօշափելի կը դառնայ վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւններուն դէմ՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ։

Էջեր