ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նախկին արտաքին գործոց նախարարը զգուշացումներ կ՚ընէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու վերսկսելուն ընդառաջ:
Վարդան Օսկանեան. «Միշտ ի մտի ունենալ համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային մեծ պատկերը, գլխաւոր դերակատարներու տարաբնոյթ շահերը՝ կեդրոնացած մնալ մեր շատ նեղ խնդիրին վրայ»:
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ եռակողմանի բանակցութիւնները այսօրուընէ սկսեալ կը շարունակուին Մոսկուայի մէջ։ Հերթական բանակցութիւնները նախատեսուած են երկօրեայ։
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երդիքին տակ սկսաւ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը, որ ձօնուած է 1921 թուականին ստորագրուած Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու 100-ամեակներուն։
Կը տեղեկանանք, որ «Նռան յոյսը» գեղարուեստական նախագիծի հեղինակ Սեւան Աթաօղլուի ջանքերով ընկերային ցանցերու վրայ հաստատուած է նոր պատուհան մը, ուրկէ լոյս կը սփռուի անմոռանալի բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի թողած աւանդին, մեծ ժառանգութեան վրայ։
Գերմանացի քանդակագործ Վիլհելմ Քոխ արդէն իսկ աւարտած է վարչապետ Անկելա Մերքելի արձանը, որ որոշ ժամանակով պիտի ցուցադրուի Պաւարիոյ Թեմփըլ թանգարանին դիմաց:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պաքըրգիւղի «Տատեան» փողոցի անունը վերստին փոփոխութեան ենթարկուած է։ Խօսքը կը վերաբերի երբեմնի «Մապետ» փողոցին, որ վերջին շուրջ տասն տարուայ ժամանակաշրջանին ատեն-ատեն հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դարձած է վերանուանութեան հարցին բերումով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Թիֆլիզ կատարած այցելութեան ընթացքին մեկնաբանեց Անդրկովկասի համար նախատեսուած՝ «3+3» ձեւաչափով հարթակի մը ստեղծման առաջարկը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա բուռն ձեւով կը պաշտպանէ այս հարթակի ստեղծուիլը։
Թրքական զանգուածային լրատուութեան աշխարհը մեծ ցաւ կ՚ապրի իր երէց սիւնակագիրներէն մէկուն մահուան առթիւ. ոչ եւս է Սամի Քոհէն։ 93 տարեկան հասակին ան աչքերը փակեց կեանքին։
Առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան եւ ամերիկահայ շրջանակներ ջերմօրէն շրջապատեցին մաէսթրօ Կոնստանդին Օրբելեանը, որ սկսած է պաշտօնավարել՝ որպէս Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի խմբավար: