ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈՒՇԱԳԻՐ
Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեան շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ Իրանի Արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Ալիռըզա Ռազմհուսէյինի եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Ապտիւլնասեր Հեմմաթիի կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Թուրքիա վերջին հինգ տարուայ ընթացքին 11 անգամ աւելցուցած է պաշտպանական բնագաւառի ծրագրերու գանձատրումը։
Ուաշինկթընի մէջ նոր վարչախումբի մը գործի գլուխ գալուն զուգահեռ՝ հայկական հարցի վերաբերեալ լսումներն ալ վերստին շրջանառութեան մէջ մտան։ Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմէն ներս ամենայն հաւանականութեամբ պետական քարտուղարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Էնթընի Պլինքըն, որ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելէ վերջ՝ ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ նաեւ հայկական հարցին։
Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ եզակի վիրահատութիւն մը։ Այսպէս, իզլանտացի տղամարդ մը աշխարհի մէջ առաջին անգամ՝ ուսէն սկսեալ երկու ձեռքի փոխպատուաստում (փրոթեզ) ստացաւ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց՝ Արցախի ղեկավարի մասնակցութեամբ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը արդէն կը ձեռնարկէ տարածքաշրջանային մեծ ուղեւորութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Ճօ Պայտընին՝ պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Վրաստան։ Ծինատալի մէջ ան ընդունուեցաւ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի կողմէ։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ֆրանսացի նախարարը օր մը առաջ ալ զրուցած էր իր հայ պաշտօնակցին՝ Արա Այվազեանի հետ։
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ հայկական երաժշտութեան երախտաւորներէն Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ։