Լրահոս

ԿԱՐԵԼԻ ԷՐ ԽՈՒՍԱՓԻԼ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ կարելի էր խուսափիլ Արցախի վերջին պատերազմէն։ Ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Արմէն Սարգսեան ընդունեց, որ բարդ է խօսիլ «եթէ»ներու մասին, բայց, իրականութիւնը այն է, որ իր համոզմամբ՝ կարելի էր պատերազմէն խուսափիլ։

ԳՈՐԾԱԿՑԱՅԻՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նիստէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Յայտնի իրադարձութիւններու բերումով անվտանգային միջավայրը էական փոփոխութիւններ կրած է Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ու մենք պէտք է շարունակաբար գնահատենք այն նոր մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները, որոնք ունինք այս իրավիճակին մէջ։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակեր Արքեպիսկոպոսին հետ։ Զրոյցի ընթացքին Արա Այվազեան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի հետ առաւել ամրապնդելու եւ խորացնելու համար յարաբերութիւնները, որոնք պատմական ու հոգեւոր համընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած են։

«ՌԷՕՎԱՆՇԻ ՍՈՒՐԸ» ԱՆԻՄԱՍՏ ՉՃՕՃԵԼ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Միանգամայն ըսեմ, որ երկու ձեռքով կողմնակից եմ հարեւաններու հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու։ «Դարաւոր ոսոխի» մասին կարծրատիպային պատկերացումները, իմ կարծիքով, որեւէ ձեւով չեն նպաստեր մեր պետական եւ ազգային խնդիրներու լուծման։

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՏԱՅՔ ՏԱՆՁԻԿ İFSAK-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ թրքահայ լուսանկարիչ Տայք Տանձիկ ընտրուած է İFSAK-ի (Իսթանպուլի լուսանկարի եւ շարժանկարի սիրողներու միութիւն) նախագահ։
İFSAK-ի 54-րդ համագումարը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Հաշուապահներու եւ ելմտական խորհրդականներու սենեակի դահլիճին մէջ։ 1959 թուականին ստեղծուած այս կառոյցը Թուրքիոյ ամենահեղինակաւոր լուսանկարչութեան ու շարժանկարի կազմակերպութիւններու շարքին կը դասուի։

ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Թուրքիոյ բնակչութեան 80 տոկոսը վերստին համաճարակի տեսակէտէ վտանգաւոր գօտիի մը մէջ մնաց:
Կառավարութեան երէկուան երկարատեւ ժողովին ժամանակ որոշուեցաւ դարձեալ խստացնել սահմանափակումները:

ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ԷՐՏՈՂԱՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն աշխարհի քառասուն պետութիւններու ղեկավարները յաջորդ ամիս հրաւիրեց Ուաշինկթըն՝ կլիմայի փոփոխութիւններուն ձօնուած գագաթաժողովի մը մասնակցելու։ Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ճօ Պայտընի տանտիրութեամբ կազմակերպուելիք համաժողովը նախատեսուած է 22-23 ապրիլին։

Էջեր