ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի կը պատրաստուի այցելել Թուրքիա։ Թէեւ տակաւին վերջնական թուական մը չէ հրապարակուած, սակայն վրացական դիւանագիտական աղբիւրները արդէն տեղեկացուցած են այս մօտալուտ այցելութեան մասին։
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաղտեր Ղալիպաֆ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Թեհրան կ՚ողջունէ Մոսկուայի ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յայտնեց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։
Քիմ Քարտաշեան «KKW Beauty» ապրանքանիշի նոր հաւաքածոյէն լուսանկարներներ հրապարակած է։ Այսպէս, «Keeping Up With the Kardashians» շոուի հայազգի աստղ Քիմ Քարտաշեան «Instagram»ի էջին վրայ իրեն պատկանող «KKW Beauty» ապրանքանիշէն նոր լուսանկարներ հրապարակած է, կը յայտնէ բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը:
«Nike» ստեղծած է նոր մարզակօշիկներ, որոնք կարելի է հագնիլ վայրկեաններու ընթացքին՝ առանց ձեռքերը օգտագործելու։ Այսպէս, աշխարհահռչակ «Nike» ընկերութիւնը յարմարաւէտութիւնը գնահատող իր յաճախորդներու համար ստեղծած է նոր մարզանքի կօշիկներ, որոնք «հեշտ է հագնիլ եւ նոյնքան հեշտ է հանել», կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն»։
Առաւօտուն մարդիկ երբ արթննան՝ կը կատարեն որոշ գործողութիւններ, որոնց մեծ մասը արդէն սովորութիւն դարձած են եւ ինքնաբերաբար կը կատարուին, սակայն այդ բնական թուացող սովորութիւններէն մէկը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ ու յանգեցնել լուրջ խնդիրներու։ Խօսքը առաւօտեան արթննալուն պէս անմիջապէս անկողինը կարգի բերելու սովորութեան մասին է, որ շատեր կը համարեն օգտակար։
Շատ տարածուած ու տհաճ հարցեր են յօդացաւերը, որոնք կրնան պայմանաւորուած ըլլալ ամենատարբեր գործօններով: Նման ցաւը կը դառնայ շարժումներու կաշկանդուածութեան պատճառ եւ խիստ բացասաբար կ՚անդրադառնայ մարդու կեանքի որակի վրայ, ուստի զարմանալի չէ, որ այս խնդիրէն մարդիկ կը փորձեն հնարաւորինս արագ ձերբազատուիլ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ֆրանսայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեծանուն ազգային բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեան, որ նախկին պոլսահայ մըն էր։ Ան եղած էր հայկական սփիւռքի ամենախորհրդանշական անուններէն մին, տիրական կերպար մը, որ կը պայմանաւորէր անոր յիշողութիւնը։ Յովհաննէս Չիլինկիրեան շառաւիղն էր նահատակ մտաւորական, գիտնական ու ազգային գործիչ Ռուբէն Սեւակի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ