ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՓՈՒԼԻ ՄԸ ՍԿԻԶԲԻՆ ԳԱՂՏՆԱԲԱՌԵՐՈՒ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՏԷՐԵՐԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան։ Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի արտահերթ ընտրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունիսի 20-ին։ Նախքան այս կարեւոր իրադարձութիւնը, հարկ է յիշել, որ արդէն աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր երկրի ներքին քաղաքական ընդհանուր պատկերը նոր լարման կէտ մը կը ցոլացնէր, երբ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը յայտարարած էր, որ այլեւս պատրաստ չէր լսել Փաշինեանի խօսքը, հետեւաբար կը պահանջէր անոր հրաժարականը։
Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով ամիսներէ ի վեր քաոսի մը հանդուրժելէ վերջ Հայաստանի ղեկավարութիւնը որոշեց 20 յունիսին արտահերթ ընտրութեան երթալ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ արտահերթ ընտրութիւն իրականացնելու որոշման կապակցութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ամերիկեան «Stratfor» հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կանխահաս ընտրութիւն կազմակերպելու համար առնուած որոշման։ Այսպէս, ըստ վերլուծութեան, եթէ Փաշինեան պնդէ ու շարունակէ պաշտօնավարել, ինչ որ առաւել հաւանական է, ապա ընտրութիւններու կատարուիլը ընդդիմութեան բողոքը թէժացնելու ռիսքեր կը յառաջացնէ։
«Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի Հանրագիտարանը։ Երեւանի մէջ, այս առաւօտ, «Հայեացք» մամլոյ ակումբի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որու ընթացքին ծանօթացուեցաւ «Յովհաննէս Թումանեան Հանրագիտարան»ը։
Քաղաքական անվերջ տագնապի պայմաններուն ներքեւ այսօր նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը:
Ըստ Սերկէյ Շոյկուի, հրադադարէն վերջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւն կրնայ հաստատուիլ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Կիւմրիի մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրի մը հետամուտ եղած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մարտի 19-ին պաշտօնապէս մեկնարկած այս ծրագրի վերջնաժամկէտը յառաջիկայ օգոստոսն է։
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս 14 ապրիլին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս մօտալուտ այցելութեան մասին տեղեկացնելով աւելցուց, որ աւելի վերջ ինքն ալ Յունաստան պիտի ուղեւորուի։