ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՔԱՅԼ
Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած տագնապէն վերջ առօրեայի բնականոնացման ճանապարհին առեւտուրը կը վերսկսի Իսթանպուլի պատմական կեդրոններէն ներս: Խանութպանները կը սպասեն զբօսաշրջիկներու վերադարձին՝ արդիւնաւէտութիւն ունենալու համար:
Կուսակալ Ալի Երլիքայայի մասնակցութեամբ՝ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը վերաբացուեցաւ Գոց շուկան, որու միայն տասն դռները կը բանին առայժմ: