ԿԱՆԿԱՏՈՒՆԿԷ ԿԱՇԻ…
Երկար ժամանակ մարդիկ կը փորձէին գտնել միջոց՝ զերծ պահելու համար դաժան վերաբերմունքէ կենդանիները, որոնց կաշին կ՚օգտագործուի նորաձեւութեան մէջ։
Ահա, կարծես թէ կաշիի էքօ այլընտրանքը արդէն իրականութիւն դարձած է:
Երկար ժամանակ մարդիկ կը փորձէին գտնել միջոց՝ զերծ պահելու համար դաժան վերաբերմունքէ կենդանիները, որոնց կաշին կ՚օգտագործուի նորաձեւութեան մէջ։
Ահա, կարծես թէ կաշիի էքօ այլընտրանքը արդէն իրականութիւն դարձած է:
Ֆրանսայի մէջ կը նախատեսուի բանալ ջուրի վրայ «շարժանկարի սրահ»։
Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ Սեն գետի վրայ պիտի բացուի ինքնատիպ շարժանկարի սրահ մը, որուն այցելուները կրնան շարժանկարները դիտել յարմարաւէտ նաւակներու մէջ նստած՝ պահպանելով ընկերային հեռաւորութիւնը:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութիւնը հերթական անգամ միջազգային օրակարգի վրայ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Հրադադարի խախտումները դատապարտուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ։ ՄԱԿ կոչ ուղղեց, որպէսզի մարտական գործողութիւնները դադրեցուին։ Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Ատրպէյճանական բանակի՝ երէկ գիշեր շարժման անցած հրասայլ մը կրակով կասեցուեցաւ հայկական զօրքերու կողմէ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը դիւանագիտական գետնի վրայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Պաքուի արկածախնդրութեամբ ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակը պարզ դարձնելու համար ամենայն մանրամասնութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ կատարուեցաւ Տաւուշի մէջ, ըստ երեւոյթին, դեռ երկար ժամանակով կրնայ զբաղեցնել հայկական օրակարգը։ Խօսքը, անշուշտ, միայն ռազմական գործողութեան մը, փոխադարձ հրաձգութեան մը եւ անոր յաջորդած՝ զիրար դատապարտող (Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ) հաղորդագրութիւններով չէ պայմանաւորուած։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Գերմանիայէն Հայաստան մեկնեցան մասնագէտներ:
ԵՄ-ի «Team Europe» ծրարի շրջանակներէն ներս գործուղղուած առաքելութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ յուլիսի 24-ը:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ վերստին հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ միջին հաշուով շաբաթ մը առաջուան տուեալներու բաղդատմամբ օրական նոր դէպքերու թիւը վճռած են հազարի շեմէն վար իջեցնել։
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Ժողովականները քննարկեցին Եւրոմիութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընթացքը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ տեղի ունեցան բախումներ, որոնք շարունակուեցան նաեւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ, ժամը 12.30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Տաւուշի մարզէն փորձեցին խախտել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զինուորները կ՚օգտագործէին ՈԻԱԶ մակնիշի ինքնաշարժ մը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի միջավայրին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 45 հազար 232 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1012 նոր վարակեալ։
Արմէն Սարգսեան անձնական միջոցներով պիտի օժանդակէ Ստեփանակերտի ծննդատան վերազինման։
«Ժողովրդագրութիւնը կարեւոր գործօն՝ անվտանգութեան, քաղաքական եւ տնտեսական խնդիրներու լուծման համար»։