ԱԼԻԵՒԻ «ՕԳՏԱԿԱՐ ԹՇՆԱՄԻԻ» ԿԵՐՊԱՐԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները, որոնցմով ան քննադատած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ խօսած՝ իր երկրի բանակցային գործընթացէ դուրս գալու հաւանականութեան մասին։ Այս բոլորի կապակցութեամբ բանբերը ըսաւ. «Հակահայկականութիւնը Ալիեւի իշխանութեան պաշտպանութեան վերջին գիծն է»։
«Արմմոնօ» թատերական փառատօնը 2020-ին պիտի նուիրուի Հրանդ Մատթէոսեանի 85-ամեակին։ Այսպէս, «Արմմոնօ» 18-րդ միջազգային թատերական փառատօնը այս տարի կը կայանայ օգոստոսի 1-10 թուականներուն միջեւ:
Երգը ընդդէմ քորոնաժահրի… Հայաստանի փոքրիկ երգիչներու նոր հոլովակը։ Այսպէս, Հայաստանի փոքրիկ երգիչները քորոնաժահրի դէմ պայքարին միացած են «Երգէ՛, եւ COVID-ը կը հեռանայ» երգով, որու հոլովակը արդէն հասանելի է երգչախումբի YouTube-ի առցանց հարթակով:
Հայաստան կը միանայ UEFA Playmaker ծրագրին։ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը միացած է UEFA Playmaker ծրագրին:
Անհաւանական քանդակը կը փոխէ իր տեսքը՝ եղանակներուն համեմատ։
ՆԱՍԱ-ն քորոնաժահրէն «պաշտպանող» վզնոց մը ստեղծած է, որ ամէն անգամ կը թրթռայ, երբ անոր տէրը կը փորձէ ձեռքը դէմքին տանիլ։
Ներկայիս «շարժական տուներ»ու նկատմամբ ուշադրութիւնը աւելցած է, քանի որ մարդիկ այլեւս ձանձրացած են առօրեայի թոհուբոհէն եւ կ՚ուզեն գոնէ քիչ մը հեռանալ կեանքի հեւքէն։ Ռոպի եւ Փրիսիլա ամոլը երկար տարիներ երազած է «շարժական տուն» մը ունենալու մասին, որպէսզի քիչ մը փրկուի առօրեայ վազվզուքէն ու հանգստանայ։
Լաոսի մէջ տենկէ տենդով վարակուածներու թիւը աւելցած է 54-ով եւ գերազանցած 2.6 հազարը: Այս մասին կը տեղեկութիւններ հաղորդած է «Սինհուա» գործակալութիւնը։
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ աճող հսկայական կանկատունկ (քաքթիւս) մը նկատած են, որու երկարութիւնը կը գերազանցէ 10 մեթրը։
Ըստ Մոսկուայի, Թրապլուսի կառավարութիւնը կը ձգտի ռազմական լուծման: Անգարա կը կարեւորէ տեւական հրադադարի մը երաշխաւորումը: