ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Մինչ կ՚ընթանայ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի ժամանակացոյցը, երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը:
Իսթանպուլի կուսակալը Պատրիարքարան այցելելով տեսակցեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի հետ: Հանդիպում մըն ալ կազմակերպուած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ:
Ալի Երլիքայա ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, որ ընդհանուր արժեւորման բնոյթով խորհրդակցութիւն մը կատարուած է: Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս ոչինչ կը հաղորդեն այս մասին: