ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շուրջ երեք ժամուան հանդիպում մը ունեցան Քրեմլինի պալատէն ներս։
Արաբական ծոցի երկիրներու Եկեղեցիներու խորհուրդի տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ Քուէյթի մէջ:
Կվինտածէ. «Հայաստան ունի լաւ վերահսկուած ու կայուն ելմտական հատուած»:
Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ստեղծագործութիւններու յայտնի ցուցահանդէսի շրջագայութիւնը կը շարունակուի՝ աշխարհի յառաջատար քաղաքներով։ Այս ցուցահանդէսի նոր կանգառը կը հանդիսանայ Հռոմ, ուր Թրասթեւերէի թանգարանէն ներս բացուած է Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը։
Աշխարհին ծանօթ է շուէտուհի Կրեթա Թունպերկ, որ կը պայքարի աշխարհը պատուհասող բնապահպանական սպառնալիքին դէմ։ Ան իր շուրջ կը հաւաքէ հազարաւոր մարդիկ ու փողոց կ՚իջնէ պայքար մղելու համար։
The Beatles-ի՝ առաջին անգամ ձայնասփիւռէն հնչած սկաւառակը աճուրդի դրուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ The Beatles բրիտանական ռաք-խումբի սկաւառակը՝ Love me do-ն, որ դարձած է խումբի՝ ձայնասփիւռով տրուած առաջին ձայնագրութիւնը, վաճառուեցաւ Անգլիոյ մէջ:
Unicode Consortium կազմակերութիւնը ցուցադրած է 117 նոր էմոժի, որոնք օգտատէրերու համար մատչելի կ՚ըլլան 2020 թուականի երկրորդ կէսին։
Նորոգ հանգուցեալ կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին ներքեւ: