ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔՈՎ ՆՇԱՆԹԱՇԸԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍ
Նշանթաշըի Աքքաւաք փողոցի «Մըսթըք» ճեմապարտէզին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բացօթեայ քէրմէս մը, որուն մասնակցութիւն բերին մեր շարք մը համայնքային վարժարանները, ինչպէս նաեւ «Քարիթաս» միջազգային օժանդակութեան հաստատութիւնը։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ հիւրընկալեց Արամեան-Ունճեան վարժարանի աշխարհահռչակ սանը:
Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղին երէկ երեկոյեան ժամադրավայրը եղաւ գրասէրներու:
Նկարիչ Էրկիւն Պաշարի՝ Ծովային թանգարանին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսը 2020 թուականին պիտի կրկնուի Էսքիշեհիրի եւ Իզմիրի մէջ:
Հայկական PR ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոասիոյ Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի ժողովին, որ տեղի կ՚ունենայ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ մասնակցեցաւ Մալեզիայի մէջ կազմակերպուած Քուալա Լումփուրի գագաթաժողովին։ Ան իր ելոյթին մէջ քննադատեց սուրիացի գաղթականներու վերաբերեալ իսլամական աշխարհին կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը։
Ռուսաստանի, Ուքրայնայի եւ Եւրոմիութեան մասնակցութեամբ բանակցութիւններ:
Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Երաժշտական յառաջացեալ հետազօտութիւններու կեդրոնը (MİAM) կը պատրաստուի ոգեկոչել անմոռանալի երգահան Օննօ Թունչը։ Այսպէս, 3-6 փետրուար 2020 թուականին Օննօ Թունչին ձօնուած ծրագիր մը կեանքի պիտի կոչուի։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։ Յոբելենական այս երեկոյթը թէեւ հերթական էր, սակայն եկաւ առանձնանալ վերջին շրջանին կազմակերպուած բազում ձեռնարկներու շարքին։