ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ԱՂՕԹԱԳԻՐՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց «Երիտասարդի աղօթագիրք»ը՝ նախաձեռնութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման կեդրոնական գրասենեակի։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած են Գեղամ Սրկ. Աւետիսեան եւ Սեւակ Սրկ. Գրիգորեան։
Թիֆլիզի մէջ Վրաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի երեք նոր գիրքերու շնորհանդէս, նաեւ՝ Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած ձեռնարկներու ամփոփում:
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։ Տեառն մերոյ եւ Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ Սահակ Եպիսկոպոս, միաբան՝ Պատրիարքական Աթոռոյս Պոլսոյ եւ Սրբոյ ուխտին նախամեծար Մայր Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի, կամօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ ազգիս կոչեցեալ յԱթոռ Պատրիարքութեան Կ.Պոլսոյ՝ ապաւինեալ յօգնականութիւն շնորհաց Բարձրելոյն եւ ի ներկայութեան հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորաց եւ ժողովրդեան՝ հրապարակաւ ուխտեմ բոլորապտուղ նուիրմամբ եւ հաւատարմութեամբ ընծայել զանձն իմ յառաջնորդութիւն մերազն ժողովրդեան ի ճանապարհս առաքինութեան եւ արդարութեան, ըստ աստուածադիր օրինաց եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ ուղղափառ վարդապետութեան Քրիստոնէական կրօնի, ըստ մերոյս Եկեղեցւոյ դաւանութեան, ի պահպանութիւն եւ ի պաշտպանութիւն կրօնական, համայնքային, ընկերային եւ բարեսիրական հաստատութեանց իրաւանց։
Աւելի քան տասնամեակ մը վերջ այլեւս թափուր չէ Պոլսոյ Աթոռը: Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը շաբաթավերջի արարողութիւններով պաշտօնապէս հասաւ իր աւարտին: Նորընտիր գահակալը կատարեց երդումը, ստացաւ ասան եւ գահ բարձրացաւ Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատոյց անդրանիկ Սուրբ Պատարագը: Թրքահայութիւնը կ՚ողջունէ իր տարեգրութեանց մէջ սպիտակ էջի մը բացուիլը: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը առաքելութեան ձեռնարկեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, համաքրիստոնէական ընտանիքի, Թուրքիոյ Հանրապետութեան զօրակցութեամբ ու մեր համայնքի ջերմ վերաբերմունքով: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հայրապետական սրբատառ կոնդակով արքութիւն շնորհեց Նորին Ամենապատուութեան:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը պաշտօնապէս կը հասնի իր աւարտին:
«Որոնումներու մէջ սերունդ մը. Մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ»:
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը աւարտեց երկօրեայ բարձրաստիճան շփումները մայրաքաղաքի մէջ:
Ասմալըմեսճիտի մէջ, Պէյօղլու, երէկ առաւօտ յանկարծ կքեցաւ ազգապատկան լքեալ շէնքի մը տանիքը:
Ծանօթ է մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, թէ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝