ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՓՈՒԼԸ
Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան համար թրքահայութիւնը կը փութայ քուէատուփի մօտ:
Գումգաբուի մէջ երէկ գումարուեցաւ Կրօնական ժողով, իսկ այսօր Եկեղեցականաց համագումարը կ՚ընտրէ հոգեւորական պատգամաւորները:
Վաղը մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ քուէարկութիւն տեղի կ՚ունենայ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութեան համար:
Պոմոնթիի եւ Բանկալթիի Մխիթարեան սանուց միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ ձեռնարկ մը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Պրաթիսլաւայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահն է։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական մեծ հաւաքի մը։ Այս շաբաթավերջի ընտրութեան սեմին իր գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժման կողմէ կազմակերպուած եզրափակիչ ժողովրդական հանդիպումն էր այս մէկը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները կը վերահաստատեն իրենց միջնորդական յանձնառութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս. պատուիրակութիւններու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ տեսանելի ժամանակահատուածի բաղդատմամբ երկիրը ձեռք բերած է աննախադէպ քանակութեամբ սպառազինութիւն։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։ Շաբաթավերջի պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ ան իր վերջին պատգամները փոխանցեց մեր այս ամենահայահոծ թաղին մէջ։
Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած ՆԱԹՕ-ի հաւաքի ծիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գագաթ մը:
Նախարարները քննարկեցին յաջորդ տարի համատեղ աշխատանքը շարունակելու ուղղեալ ծրագիրը: