ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ
Jewishpress.com հետաքրքրական տուեալներու կ՚անդրադառնայ Ս. Քաղաքի հայկական թաղամասին մասին:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան հանդէս եկաւ լուսաբանութիւնով մը:
Jewishpress.com հետաքրքրական տուեալներու կ՚անդրադառնայ Ս. Քաղաքի հայկական թաղամասին մասին:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան հանդէս եկաւ լուսաբանութիւնով մը:
«Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ շահեկան ու եզակի ցուցահանդէս մը՝ օսմանա-եւրոպական յարաբերութիւններուն շուրջ:
Այլին Գօչունեան եւ Սինան Քուներալփ կը ներկայացնեն սուլթան Ապտիւլազիզի Փարիզ եւ Էօժենի կայսրուհիի Իսթանպուլ տուած այցելութիւնները:

Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ «Միլլէթ» ընդարձակ գրադարանի բացման պաշտօնական հաւաքոյթը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէթ Միրզիեոյեւ, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի առաջնորդ կարտինալ Տիմոթէոս Տոլանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նորին սրբազնութիւնը շուրջ երեք տասնամեակ պաշտօնավարած է որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ։
Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ Իտլիպի թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Երէկ բովանդակ Թուրքիա դարձեալ խոր ցաւի մատնուեցաւ Իտլիպէն հասած տխուր լուրերուն հետեւանքով։
Պեշթեփէի համալիրէն ներս այսօր կազմակերպուած է բացման հանդիսաւոր արարողութիւն մը:
125 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ՝ 5 հազար հոգիի համար նախատեսուած նոյնաժամանակ սպասարկութիւն:
Հայ երիտասարդ հոգեւորականներու Վատիկան կատարած այցելութիւնը կը բնորոշուի բազմակողմանի շփումներով եւ երկխօսութեամբ:
Յաջորդ տարի Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու նման ծրագրի մը ձեւաչափին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի հիւրընկալէ օտար միաբաններ:
Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի նախընթաց օր այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Սուրիոյ ճգնաժամի պայմաններուն ներքեւ հաւանական ամենավատ վարկածը կ՚ըլլայ, եթէ Թուրքիա այդ երկրի տարածքէն ներս ռազմական գործողութիւններու սկսի ռուսական բանակին դէմ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարձր նախագահութեամբ, երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցեցան Կրօնական ժողովի անդամները, մեր գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն ատենապետները, նաեւ որպէս դիտորդ՝ մամլոյ ներկայացուցիչները:
Նորին Ամենապատուութիւնը կը ձգտի աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծել կեդրոնական սեղան մը, որ աշխատանքային խումբի մը ձեւաչափով պիտի գործէ՝ զօրակցութեան, հակակշռման եւ իրերօգնութեան առաջնահերթութիւններով՝ նախապայմաններ առաջ քշելու փոխարէն առաջարկներ յղանալու դրական մօտեցումով:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը իտէալներով կառավարելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը կը միաւորէ հոգեւոր եւ աշխարհական ղեկավարութիւնները՝ համընդգրկուն սկզբունքով: