«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ԹՈՄՐԻՍ ԱԼՓԱՅԻ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ ԳՈՐԾԸ
«Արաս» հրատարակչութիւնը միջոցէ մը ի վեր գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «gülsün ağavni zilha» գիրքը, որու հեղինակն է Թոմրիս Ալփայ։ Անցեալ տարի «Եունուս Նատի» պատմուածքի մրցանակի դափնիին արժանացած գործ մըն է այս մէկը։
Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս գահակալը՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման առաջին տարելիցը կը մօտենայ։ 8 մարտ 2019 թուականին երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած էր երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ոգեկոչուի իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի կ՚ունենայ բանակցութիւններու երրորդ փուլը՝ Իտլիպի իրադարձութիւններուն շուրջ:
Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի եւ բազմակողմանի միջոցառումներու յառաջիկայ ժամանակացոյցը:
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան կազմակերպուեցաւ շահեկան բանախօսութիւն մը, որու ատենախօսն էր Պողազիչի համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Լեւենտ Քուրնազ։ ՀԱՅՃԱՐ ներկայիս բանախօսութիւններու շարք մը կը կազմակերպէ՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար բնահամակարգի առկայ ճգնաժամին վրայ։
Հրայր Ճէպէճեան խօսեցաւ Արաբական ծոցի տարածքաշրջանի քրիստոնեաներու մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու ղեկավարները գլխաւորեցին Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ութերորդ ժողովը։