Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՊԱՆԻԱ
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին օրերուն հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սպանիա։ 14-17 սեպտեմբեր թուականներուն տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին նորին սրբազնութեան ուղեկցեցաւ սպանահայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան։