ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «WCIT 2019»Ի ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՈՒՆՆԱՆ
Հոկտեմբերի 6-9-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու 23-րդ համաշխարհային համաժողովը՝ «WCIT 2019»։ Այսպէս, «WCIT 2019»ի կազմակերպիչները երէկ հաղորդեցին, որ այս համաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ գործատէր, հաղորդավար, բնորդ եւ արտադրող Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մեկնաբանէ անգիր օրէնքներով նոր գահակալ մը ընտրելու անհրաժեշտութեան դժուարութիւնները:
Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը։ Նիստէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցեց ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի դառնայ իսլամական դրամագլուխի ձգողական դաշտը։ Ան ընդգծեց, որ Իսթանպուլի ելմտական կեդրոնը կարճ ժամանակի ընթացքին իսլամական աշխարհի ելմտական գետնի վրայ տարածքաշրջանային կեդրոնը պիտի դառնայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսս, որ կ՚այցելէ Թուրքիա, երէկ հիւրընկալուեցաւ Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաքի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Ալպայրաք եւ Ռոսս վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առեւտուրի ծաւալը 100 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու ուղղութեամբ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Կիորկի Կախարիայի հետ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Վրաստանի մէջ ձեւաւորուած է նոր կառավարութիւն մը, որու գլուխը կը գտնուի Կիորկի Կախարիա։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Վան:
Ե. դարուն կառուցուած սրբավայրը վերանորոգուեցաւ նախկին պոլսահայ բարերարներու աջակցութեամբ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Երեւանի մէջ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոսնա-Հերսէքը։ «Եւրօ-2020»ի որակաւորման փուլի J խմբաւորման հանդիպումներուն ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ մրցումը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացումին։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն պիտի բերէ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։