ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՃԵՄ ՍՈՖՈՒՕՂԼՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Սիսի երբեմնի Մայր Տաճարի եւ յարակից համալիրի սեփականութեան իրաւունքի Անթիլիասի կողմէ վերաձեռքբերման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել հայ աշխարհի օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին՝ 2015 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս նպատակով դատ մը բացած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ, որմէ ստացած մերժումին զուգահեռ խնդիրը տեղափոխած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։
Նախագահական ապարանքի համալիրէն ներս. «Հայ լուսանկարչութեան պատմական ժառանգութիւնը»։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման ու վերանորոգման հարցը միջոցէ մը ի վեր անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ համայն հայութեան օրակարգը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ ստեղծուած է Մայր Տաճարի վերանորոգութեան յանձնախումբ մը, որու ատենապետն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Հայաստանի Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Նախարար Յակոբ Արշակեանի եւ Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի կողմէ ստորագրուեցաւ այս փաստաթուղթը, որ կը նախատեսէ երկու կառոյցներով համատեղ ջանքերով կեանքի կոչել սփիւռքի վերաբերեալ «Ներուժ» ծրագիրը։
«Կալերի 77»ի տաղաւարին մէջ ներկայացուած են հայ արուեստագէտներու գործեր:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ ի մի հաւաքուեցան մեր համայնքէն խումբ մը հաշուապահ կամ հաշուեքննիչ մասնագէտներ եւ ելմտական խորհրդատուներ։ Այս հաւաքոյթին ընթացքին նկատի առնուեցաւ Պատրիարքարանի ելմտական ընդհանուր կացութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահը Անգարայի մէջ երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Թուրքիոյ մեծ քաղաքներու քաղաքապետները: