ՎԵՐԱՔԱՂԻ ՆԻՍՏ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան հերթական ժողովը:
Ցարդ կատարուած ամբորջ աշխատանքը ամփոփուեցաւ՝ ընտրատեղամասերու հետ համագործակցութեան ամրապնդման տեսանկիւնէ: Պետութենէն սպասուած կանոնադրութիւնը այս շաբթուան մէջ կրնայ ուղարկուիլ ամենայն հաւանականութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի հինգերորդ անգամ քննարկեցին Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման հարցը:
Գերմանիոյ նախկին նախագահ Եոախիմ Կաուք այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայատսան:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս տարեշրջանին համար «Արսենալ»էն փոխ տրուեցաւ «Ա.Էս.Ռոմա»ին, կիրակի, 15 սեպտեմբերին կատարեց իր առաջին մրցումը անոր հետ, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյենութեան՝ «Քալչիօ»ի 3-րդ հանգրուանին անոր կազմը հիւրընկալեց «Սասուոլօ»ն:
Հայաստանը ներկայացնող, Եւրոպայի 23 տարեկաններէ վար փոխ-ախոյեան Սլաւիկ Գալստեան տիրացաւ Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Նուրսուլթանի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան պրոնզէ մետայլին, 63 քկ. դասակարգին մէջ (ոչ-ողիմպիական): Գալստեան, որ ճակատեցաւ իրանցի Մէյսամ Տալխանիի դէմ, արձանագրեց 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ռուսաստանի Չելեապինսք քաղաքին մէջ «Ծնած եմ ապրելու համար» տեղաշարժման խնդիրներ ունեցող կանանց գեղեցկութեան մրցոյթի ծիրէն ներս Հայաստանը ներկայացնող Գոհար Նաւասարդեան անցած է եզրափակիչ փուլ՝ արժանանալով «Սփորի թագուհի» անուանակարգին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջազգային ամենամեայ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու ազգային հաստատութիւններու աջակցութեամբ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութեան սպասման մթնոլորտին մէջ՝ արտասահմանի թեկնածուներու պարագան հետաքրքրութեան առարկայ:
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
94 տարեկան հասակին մահացած է Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Լեւոն Հայրապետի Մանասերեան: