Լրահոս

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ մը, որու հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Թաղի դպրաց դասու հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած էր այս երեկոյթը, որու մասնակիցներու շարքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, բազմաթիւ քահանայ հայրեր, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուները եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։

ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Էսաեանի աւանդական բաժակի օրը հերթական անգամ վարժարանի երդիքին տակ համախմբեց զանազան սերունդներէ սաներ՝ տօնական բարձր տրամադրութեամբ:
Էսաեանցիները ողջունեցին այս տարուան յոբելեար ընթացաւարտները, ուրախութեամբ ականատես եղան դպրոցի ներկայ կացութեան եւ հպարտութեամբ երգեցին «Ողջոյն տաճար»ը:

ՄՈՐԻՍ ԼԵՒԻԻ ԴՈՒՍՏՐԸ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱՒ

Քաղաքիս հրեայ համայնքի ընտրանին երէկ Քուլէտիպիի «Նեւէ Շալոմ» սինակոկին մէջ ողջունեց Սենտի Լեւի եւ Վետաթ Սիթոն երիտասարդ ամոլին հարսանիքը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա։

ԵՐԵՒԱՆ-ՓԵՔԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին։ Երեւանի մէջ հիւր նախարարը շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

ԼԵԶՈՒԻ ՄԸ ՀԵՏՔՈՎ

«Պիլկի» համալսարանի Թուրքիոյ մշակոյթներու աշխատանքային խումբի ուշագրաւ նախաձեռնութիւնը:
Վերջին երեք տասնամեակին մայրենիով կատարուած մշակութային արտադրութեան եւ իրաւունքի պայքարի մասին ցուցահանդէս մը:

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՎՃԻՌԸ

Սահմանադրական ատեանը նախընթաց օր օրակարգի վրայ ունեցաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի առկախեալ ընտրութեան հարցի վերաբերեալ թղթածրարը։ Բարձրագոյն դատարանը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ պատրիարքական ընտրութեան առկախումբը տեղի տուած է կրօնի ազատութեան ոտնահարման։

ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉ ԱՐԱՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան 2006 թուականէն ի վեր կը վարէր վերատեսուչի պաշտօնը։ Հայաստանի մէջ շուրջ տարի մը առաջ յեղափոխութեան զուգահեռ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան շրջանէն ի վեր օրակարգի վրայ էր Արամ Սիմոնեանի հրաժարականի հարցը։

Էջեր