ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ «Կրօնական ազատութեան հարցերով նախարարական համաժողով»:
Զօհրապ Մնացականեան կանգ առաւ քրիստոնեաներու Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ենթարկուած հալածանքներուն եւ Հայաստանի որդեգրած զգայնութիւններուն վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր այցելեց անմոռանալի նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի բնակարան-արուեստանոցը։ Հոգելոյս նկարչի այրիին՝ Մարի Յակոբեանի եւ դստեր՝ Նորա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց բնակարանէն ներս, ուր իրեն ներկայացուեցան մեծանուն վարպետի կտաւներն ու իւրայատուկ քանդակները։
Այս օրերուն, Երեւան կ՚այցելէ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեան, որու այցելութիւնը ունի մասնաւոր բնոյթ։ Ան Երեւանի մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր երիցագոյն, յատկանշական անդամներէն մին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։ Զեքիեան Գերապայծառ շնորհաւորութիւններ յղեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան Էրպիլ քաղաքին մէջ երէկ պատահեցաւ սաստիկ դէպք մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ հիւպատոսարանէն պատուիրակութիւն մը զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ՝ ճաշարանի մը մէջ։
Ասորի արմատներով ՀՏՓ-ական Մարտինի երեսփոխանը խորհրդարանի մէջ հարցում մը ուղղեց Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուքին: