Լրահոս

ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Կիորկի Կախարիայի հետ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Վրաստանի մէջ ձեւաւորուած է նոր կառավարութիւն մը, որու գլուխը կը գտնուի Կիորկի Կախարիա։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՃԱՌ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացումին։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն պիտի բերէ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։

ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Խումբ մը հայ գործարարներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ «Հայ ձեռներէցներու ընկերակցութիւն» անուանեալ հասարակական կազմակերպութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ընկերակցութեան արձանագրումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ։

ԳԼԽԱՒՈՐ ԻՐԱՒԱՐԱՐ

Հայաստանի ներկայացուցիչ, միջազգային իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան նշանակուեցաւ ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարար, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան պաշտօնական կայքէջը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 9 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր, ռուսական Խանթի Մանսիյսք քաղաքին մէջ:

ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ

Հանրապետութեան նախագահը երէկուան դրութեամբ ժամկէտ նշեց Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծուելիք անվտանգ գօտիի լուրջ խնդրին շուրջ:
Էրտողան. «Մեր բոլորին համար ամենանախընտրելին է, որ Եփրատի արեւելքին այս քայլը առնենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր բարեկամներուն հետ»:

Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւն՝ ընկերակցութեամբ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Նորին սրբազնութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի կողմէ։

Էջեր