ԴԱՍ ՉԵ՞ՆՔ ՔԱՂԱԾ…
«Բնականաբար, Իսթանպուլի մէջ հայոց ներկայութիւնը, հասարակական դերակատարութիւնը միայն պատմութիւնով չի սահմանափակուիր։ Այսօր ալ հայերը զգալի ներկայութիւն ունին քաղաքի կեանքին մէջ։ Ճիշդ է, որ այսօր մեր համայնքին թիւը անհամեմատօրէն նուազած է, անոր ներուժը դարձած է շատ սահմանափակ։ Սակայն, պատմական ճշմարտութիւն մըն է, որ մեր ժողովուրդը երբեք քանակ չէ եղած առաջին հերթին, այլեւ՝ եղած է որակ։ Հայը ունի ստեղծագործ, արտադրող ժողովուրդի համբաւ եւ Իսթանպուլի մէջ մեր համայնքի զաւակները կը շարունակեն արդարացնել այդ համբաւը։ Յետոյ, չմոռնանք նաեւ, որ հայութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ Թուրքիոյ ամենաբազմանդամ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնը։ Սա մեզի կու տայ կշիռ մը»։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան. «Տակաւին որքա՞ն պիտի շարունակուի այն լարուածութիւնը, որ գրաւի տակ կը պահէ մեր Պատրիարքական Աթոռի, մեր համայնքի ապագան։ Ինչո՞ւ կը պայքարինք, ինչո՞ւ իրարու դէմ թշնամացած ենք։ Ինչո՞ւ կորսուած է այն գիտակցութիւնը, թէ բոլորս նոյն նաւուն մէջ կը ճանապարհորդենք»
Նորին Սրբազնութեան համոզմամբ, պէտք չէ Պատրիարքական Ընտրութեան առիթն ալ մսխել։ Ընտրութիւնը նոր համախմբումի մը առիթը պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդին համար։ Ընտրութիւնը առաքելութեան թարմացման, վերամրապնդման առիթը պէտք է դառնայ մեր աթոռին տեսակէտէ։
Ըստ Կրօնական ժողովի ատենապետին, մեր ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի երթայ՝ ձայն տալու համար իմաստութեան, հեռատեսութեան, միասնականութեան եւ այդ բոլորը մարմնաւորելիք վարչական կերպարի մը, որ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը. «Նախ եւ առաջ, պէտք չէ մոռնանք աղօթել եւ իրարու համար աղօթել՝ մնացեալը գլուխ կը հանենք առաջ Աստուած»։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը խորապէս կը սգայ իր բազմամեայ ու երախտաշատ երիցագոյն վեթերանին անմխիթար կորուստը. ոչ եւս է հեղինակաւոր գիտնականն ու հասարակական գործիչը, Կեդրոնականի հպարտ սանը, որ իր սերնդակիցներու շարքին առանձնացաւ միջազգային մակարդակի վրայ հասած գագաթնակէտով:
Պայծառատես մտաւորականի մը կողմէ լիուլի արժեւորուած ինն տասնամեակներու վրայ հպանցիկ ակնարկ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը Երեւանի մէջ եզրափակուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7-րդ փառատօնի աւարտը:
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քննարկուեցաւ երրորդ երկիրներուն զէնքի վաճառքի կանոնակարգման հարցը:
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովոա վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։