ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ
Թիւրքմենիստանի մէջ կազմակերպուած ծանրաբարձութեան համաշխարհային առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականն ալ մրցաշարքի աւարտին վերադարձաւ Երեւան։
Թիւրքմենիստանի մէջ կազմակերպուած ծանրաբարձութեան համաշխարհային առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականն ալ մրցաշարքի աւարտին վերադարձաւ Երեւան։
Հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեր արժէքները լիցքաւորեցին մեր ժողովուրդի գոյապայքարը՝ հաւատքով ու վճռակամութեամբ»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ մը ստացաւ Crans Montana ֆորումի նախագահ Փիէռ-Էմմանիւէլ Քուիրինի եւ նոյն ֆորումի պատուոյ նախագահ ու հիմ-նադիր դեսպան Ժան-Փոլ Քարթերոնի կողմէ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ վերջերս մասնակցութիւն բերած էր «Հայրենիք եւ համաշխարհային անվտանգութիւն» խորագրեալ համաժողովին։
Առաջին աշխարհամարտի աւարտը բնորոշած զինադադարի 100-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Փարիզի մէջ:
«Մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, բայց պատմութիւնը կրնայ մեզ փոխել՝ որպէսզի մեր գալիքը դառնայ աւելի լաւ»:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ համակեցութեան նիւթին շուրջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաւիրուած էր «Վերածնունդ եւ երիտասարդութիւն» անուանեալ դաշնակցութեան կողմէ:
Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղին մէջ բացուեցաւ անմահ Սիլվա Կապուտիկեանին նուիրուած պուրակ մը։ Այսպէս, մեծանուն գրող Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղի Թաթուլ Խաչատրեանի անուան միջնակարգ դպրոցի բակէն ներս բացուեցաւ «100 ծառ՝ Սիլվա Կապուտիկեանին» պուրակը:
Միջազգային ընտանիքը այս շաբաթավերջին կը նշէ Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեակը:
Նախագահ Էրտողան կը մասնակցի մեծահանդէս տօնակատարութիւններուն՝ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն հետ:
ԵՊՀ-ի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ հանդիսաւոր ժողով:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ունեցաւ ելոյթ մը՝ բարձր գնահատելով տասնամեակներու գիտական աշխատանքը:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 80-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ հիւրընկալեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանն ու ընտանիքը։ Սա հրաժեշտի հանդիպում մըն էր, որովհետեւ Միքայէլ Մինասեան արդէն ետ կանչուած է այդ պաշտօնէն։