ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ
Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման տխուր առթիւ երէկ հետեւեալ ցաւակցականը ուղարկեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։
Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման տխուր առթիւ երէկ հետեւեալ ցաւակցականը ուղարկեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։
Նշանթաշըի «Մարքի» գեղարուեստասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յայտնի նկարիչ Սամուէլ Լաճիկեանի ցուցահանդէսին բացումը։ Ան առաջին անգամ իր ստեղծագործութիւնները կը յանձնէ Իսթանպուլի գեղարուեստասէրներու դատին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր մահուան կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։
Խոր ցաւով եւ սրտի ճմլումով կը հաղորդենք, որ այսօր կէսօրուան ժամերուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կը տառապէր «տեմանս»է եւ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն բուսական կեանք կ՚ապրէր։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեծանուն աստղաֆիզիկոս Գրիգոր Կուրզադեան իր գիրքերէն մէկուն մէջ Հոմերոսի Իլիականէն կը մէջբերէ հետեւեալը. «Երբ Հեղինէն ներս մտաւ, ծերունիները ոտքի ելան»։ Գիտնականը այս տեսարանը կը նկատէ որպէս կնոջ գեղեցկութեան՝ տակաւին անթիք դարաշրջանին մէջ ստեղծուած բարձրագոյն չափանիշ մը։
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս հանդիսաւորապէս ծանօթացուեցաւ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութիւն» ծաւալուն աշխատանքը:
Զանազան սերունդներէ հեղինակաւոր թրքագէտներ ջանք գործադրած են 1918-2018 թուականներու ժամանակաշրջանի այս յատկանշական գործը ի կատար ածելու համար:
Global Fire Power համացանցային կայքէջը հրապարակեց 2019 թուականի աշխարհի հզօրագոյն բանակներու ցանկը։ 137 երկիրներ կ՚ընդգրկէ այս ցուցակը, որու գլուխը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ 716 միլիառ տոլարի պաշտպանութեան պիւտճէով։
Հանրապետութեան նախագահի տեղակալ Ֆուաթ Օքթայ յայտարարեց, որ «Ս-400» հրթիռներու հարցին շուրջ Թուրքիա կը գործէ իր շահերուն ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով՝ ան ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիա իր շահերուն տեսակէտէ անհրաժեշտը կ՚ընէ, իր սեփական որոշումը կը կայացնէ եւ կ՚ընէ իր նախընտրութիւնը»։ Օքթայ նշեց, որ Թուրքիա որոշում կայացնելու ժամանակ կ՚առաջնոր-դըւի միայն սեփական շահերով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Գրիգոր Յովհաննիսեան հարցազրոյց մը տուաւ The Jerusalem Post թերթին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հարցազրոյցին մէջ փոխ-նախարարը յայտնեց, որ Հայաստան կը դիտարկէ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալու հարցը։
Հայաստանի վարչապետը այս առաւօտեան կառավարութեան նիստին ժամանակ բացատրութիւններ տուաւ Պրիւքսելի շփումներուն շուրջ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, քննարկուած են մեկածրագրեր, որոնց պիտի աջակցի Եւրոպա եւ կողմերու գործակցութիւնը չունի աշխարհաքաղաքական օրակարգ: