ՓՈՒԹԻՆ ՄՏԱՀՈԳ ԶԻՆՄԱՆ ՆՈՐ ԱՐՇԱՒԻ ՄԸ ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարժումները տեղի կրնան տալ զինման անհակակշիռ արշաւի մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին համոզուած է, որ ԱՄՆ-ի՝ Միջին հեռահարութեամբ հիւլէական զօրքերու համաձայնութենէն դուրս գալը կը վտանգէ միջազգային անվտանգութիւնը։
Ուքրայնոյ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսսի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը համաձայն գտնուեցան, որպէսզի Ռոսս պաշտօնական այցելութիւն մը տայ Թուրքիա։
Անթիլիասի մէջ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրերու վերանորոգման նպատակով։ Այս կարեւոր ծրագրի իրականացման համար նիւթական աջակցութիւն ցոյց կը տրուի Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։
Յառաջիկայ 22 օգոստոսին Գումգաբուի մէջ պիտի մէկտեղուին Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներն ու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները՝ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու համար Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացէն ներս միասնական ջանքերով կատարուելիք վիթխարի աշխատանքին շուրջ:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ այս օրերուն Անգարայի մէջ կ՚ընթանան բանակցութիւններ, որոնց նպատակն է համաձայնութեան հասնիլ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային բեմահարթակի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու հարցին շուրջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Արցախի մէջ։ Ան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ժամանակ ունեցաւ այդ ելոյթը։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու ելոյթ մը ունեցաւ Անգարայի մէջ կազմակերպուած դեսպաններու հաւաքին ժամանակ։
Հանրապետական շրջանին առաջին անգամ եկեղեցի մը կը կառուցուի Թուրքիոյ մէջ. դարակազմիկ զարգացում։
Իսթանպուլ ծնած, Մխիթարեանի սան ցեղասպանագէտը մահացաւ 93 տարեկանին: